2015-07-25 09:34:00

Ոչ եւս է կարդինալ Պոմ` Քրիտոնեաներու միասնութեան կրքոտ նախաձեռնողը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 23 յուլիսին, 88 տարեկանին, Միացեալ նահանգներուն մէջ իր հոգին աւանդեց Կարդինալ Ուիլիամ Ուաքեֆիլտ Պոմը, Ուաշինկթընի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը։

Կարդինալ Պոմ ծնած էր Տալլասի մէջ` 21 նոյեմբեր 1926-ին։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 24 տարեկանին ապա իր Աստուածաբանական ուսումները ամբողջացուցած էր Հռոմի Անճելիքում համալսարանին մէջ։ Ան եղած է միշտ Քրիստոնեաներու միութեան կրքոտ նախաձեռնողը եւ ասոր համար կը մասնակցի Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի նիստերուն։

18 Փետրուար 1970-ին Պօղոս Զ երջանկայիշատակ քահանայապետը զայն կ՛անուանէ Սփիրկֆիլտ-Քէյփ Ժիրարտոյի եպիսկոպոս եւ 1973-ին կը դառնայ Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոս եւ Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսական դասի համամիութենական խորհուրդի նախագահ։ 1976-ին Պօղոս Զ անոր կը շնորհէ կարդինալական տիտղոսը եւ 1980 Քահանայապետը զայն կ՛անուանէ Կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովի կառավարիչ, մինչ 1990-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ ը զինք կ՛անուանէ առաքելական ապաշխարանքի խորհուրդը աւագերէց ուր կը մնայ մինչեւ 2001-ի նոյեմբեր 22-ին, ու ապա տարիքի բերումով կը ներկայացնէ իր հրաժարականը։

Անոր մահով կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 220-ի որոնցմէ 120 պապ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ մինչ 100-ը ոչ ընտրող։








All the contents on this site are copyrighted ©.